2014-11-01 08:55:27

Գուսան գերապայծառին հարցազրոյցը եգիպտական < copts united > պատկերասփիւռին` ''Ոչ կրօնի անունով բռնութեան''։


29 Հոկտեմբեր 2014-ին, եգիպտական copts united պատկերասփիւռէն (www.coptsunited.com) ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հաւանականութեան մասին ուղղուած հարցումի մը, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Գրիգոր Իգնատիոս եպիսկոպոս Գուսան անկարելի նկատեց նման հաւանականութիւն մը, ըսելով որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը պիտի նշանակէր թրքական բոլոր յոռի բարքերուն թափանցումը Եւրոպա։
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, գերապայծառ Գուսան յայտարարեց թէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը ձախողեցան, ինչպէս ցոյց կու տայ հայերու ներկայութիւնը աշխարհի համարեա բոլոր կողմերը։«Մենք կ՛աղօթենք թուրքերուն համար ըսելով՝ Տէր Աստուած ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն» ըսաւ Գուսա գերապայծառը,տեղեկացնելով որ յառաջիկայ ապրիլի 12-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, հայածէս սուրբ Պատարագ մը պիտի մատուցուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, աշխարհին յիշեցնելու համար 100 տարիներ առաջ թուրքերուն կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը։
Այնուհետեւ, անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն, գերապայծառ Գուսան նշեց թէ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած արաբական յեղափոխութիւնները արուեստական են եւ ծրագրուած են արաբական աշխարհը պառակտելու նպատակով միայն։ Ան իր զարմանքը յայտնեց բոլոր այն իսլամական կղերականներու մասին, որոնք կը դրդեն երիտասարդները յանուն կրօնքի անմարդկային ոճիրներ գործելու։ Գերապայծառ Գուսան վստահեցուց որ այն ինչ որ այսօր կը պատահի քրիստոնեաներուն, տարիներ ետք պիտի պատահի նաեւ իսլամներուն, որպէսզի տուեալ շրջանը դառնայ տմարդի եւ անաստուած մարդոցմէ բնակուած տարածք մը։ Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը հուսկ հարց տուաւ թէ ինչպէ՞ս անմեղ ժողովուրդը գլխատող եւ ջարդող ձեռքերը հանգիստ խիղճով կը կատարեն այդ անմարդկային արարքները եւ կոչ ըրաւ այդ արարքներու հեղինակներուն վերադառնալու իրենց խղճին եւ յիշելու թէ Աստուած է ստեղծողը այն բոլորը զոր իրենք կը կործանեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.